2013-02-10 11:25:41

Վիէթնամի Ու Ս. Աթոռի Միջեւ Դիւանագիտական Կապերու Յառաջդիմութիւն` Դէպի Աւելի Սերտ Համագործակցութիւն։


Հանոյի համայնավար կոմիտէի քարտուղարը անցեալ 7 փետրուարին ընդունելով գերապայծառ Լէոբոլտօ Ճիրելլին, Սինկաբորի մօտ Վատիկանի առաքելական դեսպան, ողջունած է վերջին տասը տարիներուն Վիէթնամի ու Վատիկանի միջեւ արձանագրուած յաջողութիւնները մասնաւորապէս շեշտելով անցեալ հոկտեմբերին Վիէթնամի մէջ գումարուած Ասիայի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու խորհուրդի ժողովին վրայ։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը անցեալ յունուարին իր գրասենեակին մէջ ընդունած էր, առաջին անգամուան համար, Վիէթնամի համայնավար կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարը։ Հանդիպումին աւարտին երկկողմերը յայտնած էին իրենց կամքը կապերը զօրացնելու եւ զանոնք բարւոգելու։
Նշենք որ այս երրորդ անգամն էր որ Վատիկանը Վիէթնամի բարձրաստիճան ներկայացուցիչ մը կ'ընդուներ։ Նախապէս Վատիկան այցելած էր Վիէթնամի նախարարպետը` 25 յունուար 2007-ին մինջ Վիէթնամի նախագահը Վատիկան այցելած էր 11 դեկտեմբեր 2009-ին։
Գերապայծառ Լէոբոլտօ Ճիրելլի իր կարգին յոյս յայտնած է որ Վատիկանի ու Վիէթնամի միջեւ կապերը աւելի բարւոգում արձնագրեն ու շուտով հաստատուին դիւանագիտական լիազօր կապեր։
Յայտնենք որ Վիէթնամի կաթողիկէ համայնքը կը հաշուէ շուրջ 8 միլիոն հաւատացեալ` բնակչութեան 7 տոկոսը։ Վիէթնամը տակաւին վերապահ վարմունք ունի կաթողիկէներու նկատմամբ եւ կը շարունակէ հսկել կաթողիկէ եպիսկոպոսներու վրայ ու սահմանափակել քահանաներու թիւը։








All the contents on this site are copyrighted ©.